Դ. Թագ. 4:7 – 1. Մարգարէներուն որդիներէն մէկուն կինը Եղիսէին աղաղակելով` ըսաւ. ՙՔու ծառադ` այրս մեռաւ: Դուն քու ծառայիդ աստուածավախ ըլլաը գիտես: Պարտատերը եկաւ, որպէս զի իմ երկու որդիներս իբր ծառայ իրեն առնէ՚: 2. Եղիսէ անոր ըսաւ. ՙՔեզի ի՞նչ ընեմ. ըսէ ինծի, տունը ի՞նչ ունիս՚: Ասիկա ըսաւ. ՙՔու աղախինդ տանը մէջ աման մը իւղէն զատ ուրիշ բան մը չունի: 3. Եղիսէ անոր ըսաւ. ՙԳնա՜, դուրսէն քու բոլոր դրացիներէդ քեզի պարապ ամմաներ ուզէ. քիչ մի՜ ուզեր: 4. Եւ տունդ մտիր ու վրայէդ ու քու որդիներուդ վրայէն դուռը գոցէ եւ քու իւղդ այն բոլոր ամմաներու մէջ պարպէ ու լեցուածը վերցուր: 5. Անիկա անոր քովէն գնաց ու իր վրայէն ու իր որդիներուն վրայէն դուռը գոցեց: Տղաքը ամմաները անոր կը մօտեցնէին ու անիկա կը լեցնէր: 6. Երբ այն ամմաները լեցուեցան, իր որդիին ըսաւ. ՙԻնծի ուրիշ աման մօտեցուր՚: Տղան ըսաւ անոր. ՙՈւրիշ աման չկայ՚: Այն ատնէն ա՜լ իւղը չհոսեցաւ: 7. Կինը գնաց Աստուծոյ մարդուն պատմեց ու անիկա ըսաւ. ՙԳնա՜, իւղը ծախէ ու պարտքդ վճարէ՜ եւ աւելցածովը դուն ու քու որդիներդ ապրեցէ՜ք::