Մարկ 12:27 - Անիկա մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն. ուրեմն դուք խիստ մոլորած էք՚:
Հովն. 3:1-3 – 1. Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Յովնանին եղաւ ըսելով. 2. ՙԵլի՜ր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՜ ու տո՜ւր անոր այն պատգամը, որ ես քեզի կը յայտնեմ՚: 3. Եւ Յովնան Տէրոջը խօսքին համեմատ ելաւ Նինուէ գնաց: Նինուէ խիստ մէծ քաղաք մըն էր` երեք օրուան ճամբու տարածութեամբ:
Ա Պետ. 2:13 -14 – 13. Ուստի հնազանդ եղէ՜ք ամեն մարդկային հեղինակութեան Տէրոջը համար, թէ՜ թագաւորին` որ բարձրագոյն հեղիանկութիւնն է, 14. թէ՜ կուսակալներուն` անոր կողմէն ղրկուածներու պէս, չարագործները պատժելու եւ բարեգործները գովելու համար:
Եբրայ. 11:6 - Բայց առանց հաւատքի անհնար էր Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն:
Մատթ. 5:13- Դուք էք երկրի աղը: Եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինք ինչո՞վ պիտի աղուի:
Ա.Թեսաղ. 4:11. Անոր համար մէկզմէկ մխիթարեցէք եւ իրարու օգնեցէք, ինչպէս արդեն կ’ընէք:
Ա.Թեսաղ.4:11. Անոր համար մէկզմէկ մխիթարեցէք եւ իրարու օգնեցէք, ինչպէս արդեն կ’ընէք:
Հեսու 6:1 - Երիքով Իսրայելի որդիներուն պատճառով ամուր կերպով փակուած էր. ելլող ու մտնող չկար:
Մատթ.25:23,25 - Տէրը ըսաւ անոր. ՙԱպրիս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ, դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ՚:
Հովհ.20:15 - Յիսուս անոր ըսաւ. ՙՈվ կին, ինչո՞ւ կու լաս, ո՞վ կը փնտռես՚: Ինք կարծելով թէ անիկա պարտիզպան է, ըսաւ անոր. ՙՏէր, եթէ դուն վերցուցիր զանիկա, ըսէ ինծի, ո՞ւր դրիր զայն, որպէս զի ես զանիկա առնեմ՚:
25. Յիսուս ըսաւ անոր. ՙԵս եմ յարութիւնն ու կեանքը: 26. Եւ ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի: Դուն կը հաւատա՞ս ասոր՚: 27. Ըսաւ անոր. ՙԱյո, Տէր, ես հաւատացեր եմ, որ դուն ես Քրիստոսը` Աստուծոյ Որդին` որ աշխարհ գալու էիր՚:
Զաքար. 9:9 - Մեծապէս ուրախացի՜ր, ո՜վ Սիօնի աղջիկ, ցնծութեամբ աղաղակէ՜, ո՜վ Երուսաղէմի աղջիկ. ԱՀա քու թագաւորդ քեզի կու գայ. Անիկա արդար է ու փրկիչ է, հեզ է ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ:
Մատթ. 21:5 - ՙԸսէք Սիօնի աղջկան. ‘Ահա քու Թագաւորդ քեզի կու գայ, հեզ ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի, վրայ՚:
18. ՙԻմ ամբարներս քակեմ ալ աւելի մեծը շինեմ եւ հոն ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս՚: 19. Եւ իմ անձիս ըսեմ.ՙՈվ անձս, շատ բարիքներ ունիս շատ տարիներու համար ժողվուած, հանգչէ, կեր, խմէ եւ ուրախ եղիր:
Ղուկաս 16:13 - Ծառայ մը չի կրնար երկու տէրերու ծառայութիւն ընել, վասն զի կամ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կամ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը արհամարէ: Չէք կըրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային՚:
Ղուկաս 15:24 - Վասն զի այս իմ որդին մեռած էր ու ողջընցաւ, կորսուած էր ու գտնուեցաւ:
Ղուկաս 18:9-14 – 9. Մէկ քանիներուն` որոնք իրենց անձերուն վրայ կը վստահէին` թէ արդար են եւ ուրիշները կ’անարգէին` այս առակը ըսաւ. 10. ՙԵրկու մարդ գացին տաճարը` աղօթք անելու: Մէկը փարիսեցի ու միւսը` մաքսաւոր: 11. Փարիսեցին կայներ էր ու առանձին այսպէս աղօթք կ’ընէր. “Ով Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող եւ կամ այս մաքսաւորին պէս: 12. Հապա շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ ու բոլոր ստացուածքիս տասանորդը կու տամ”: 13. Իսկ մաքսաւորը հեռուն կայներ էր ու չէր ուզեր աչքն ալ երկինք վերցնել, հապա իր կուրծքը ծեծելով կ’ըսէր. ՙԱ’ստուած, ողորմէ ինծի` մեղաւորիս”: 14. Ձեզի կ’ըսեմ թէ ասիկա այն միւսէն աւելի արդարացած իր տունը գնաց, վասն զի ով որ իր անձը կը բարձրացնէ` պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ` պիտի բարձրանա՚:
Առակաց 31:30 - Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է, սակայն Տէրոջմէն վախցող կինը պիտի գովուի:
Մատթ. 5:10-12 – 10. Երանի անոնց, որ հալածուած են արդարութեան համար, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է: 11. Երանի է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար: 12. Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները:
Ծննդոց 2:18 Տէր Աստուած ըսաւ. ՙԱղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար՚:
Հեսու3:5- Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. ՙՍրբեցէք ձեր անձերը. վանզի Տէրը վաղը ձեր մէջ հրաշքներ պիտի ընէ՚:
Եսայա 41:10 - Մի վախենար, քանզի ես հիմա քեզ հետ եմ. մի զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ:
Եսայա 41:10 - Մի վախենար, քանզի ես հիմա քեզ հետ եմ. մի զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ:
Առակ. 18:21 - Մահն ու կյանքը լեզվի ձեռքին են, եւ ով հաղթահարում է այն, պիտի վայելի նրա պտուղը:
Եփեսացիս 5:15-17 –15. Նայեցէք, որ զգուշութէամբ քալէք, ոչ թէ անմիտներու պէս: 16 Հապա՝ իմաստուններու պէս: Ժամանակը ծախու առէք վասն զի օրերը չար են: 17. Անոր համար անմիտ մի՜ ըլլաք, հապա իմացէք, թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը:
Մատթեոս 4:1-11 1 Այն ատեն Յիսուս անապատը տարուեցաւ Սուրբ Հոգիէն, որպէս զի Սատանայէն փորձուի:
18. ՙԻմ ամբարներս քակեմ ալ աւելի մեծը շինեմ եւ հոն ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս՚: 19. Եւ իմ անձիս ըսեմ.ՙՈվ անձս, շատ բարիքներ ունիս շատ տարիներու համար ժողվուած, հանգչէ, կեր, խմէ եւ ուրախ եղիր:
Դանիել 6:10 - Երբ Դանիէլ իմացաւ թէ հրովարտակը ստորագրուեցաւ, իր տունը գնաց: Իր սենեակին պատուհանները դէպի Երուսաղէմ բաց էին: Օրը երեք անգամ ծունկի վրայ գալով կ’աղօթէր ու իր Աստուծոյն գոհութիւն կը մատուցանէր իր նախկին սովորութեանը պէս:
Առակաց 29:18 - Առանց մարգարէութեան` ժողովուրդը կը խոտորի, բայց օրէնքը պահողը երջանիկ կ'ըլլայ:
Սաղմոս 103:1-5 – 1. Ո՜վ իմ անձս օրհնէ՜ Տէրը ու այն ամէնը, որ իմ ներսիդիս է`անոր սուրբ անունը: 2. Ո՜վ իմ անձս օրհնէ՜ Տէրը եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի մոռնար:
Ա. Թագ. 17:49– Դաւիթ իր ձեռքը մախաղին մէջ խոթեց ու անկէ քար մը առաւ եւ զանիկա պարսատիկով նետեց ու փղշտացիին ճակտին զարկաւ և քարը անոր ճակտին մէջ մտաւ ու անիկա երեսի վրայ գետինը ինկաւ:
Ղուկաս 19:6. - Ան ալ արտորալով վար իջաւ եւ ուրախութեամբ ընդունեց զանիկա:
Կորնթ. 10:13 – Ձեզի մարդկային փորձութիւնէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, եւ ձեզի պիտի չթողու, որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել:
Մարկ 2:11-12 –11. ՙՔեզի կ’ըսեմ. ՙԵլի՜ր, մահիճդ ա՜ռ ու տունդ գնա՚: 12. Ան ալ շուտ մը ելաւ ու իր մահիճը առնելով` ամենուն առջեւէն դուրս ելաւ, այնպէս որ ամենքը ապշած մնացին եւ փառք տւին Աստուծոյ ու ըսին. ՙԱյսպիսի բան ամենեւին տեսած չէինք՚:
Մարկ 2:11-12 –11. ՙՔեզի կ’ըսեմ. ՙԵլի՜ր, մահիճդ ա՜ռ ու տունդ գնա՚: 12. Ան ալ շուտ մը ելաւ ու իր մահիճը առնելով` ամենուն առջեւէն դուրս ելաւ, այնպէս որ ամենքը ապշած մնացին եւ փառք տւին Աստուծոյ ու ըսին. ՙԱյսպիսի բան ամենեւին տեսած չէինք՚:
Ա Կորնթ 12:1-11 – 1. Հոգևոր պարգեւներուն վրայով չեմ ուզեր եղբայրներ, որ չգիտցող ըլլաք:
Ա. Թագ. 15:22, 23 – 22. Սամուէլ ըսաւ. ՙՄիթէ Տէրոջը առջեւ ողջակէզերն ու զոհերը Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն ընելու չափ հաճո՞յ են: Ահա հնազանդութիւնը զոհէն ու խօսք մտիկ ընելը խոյերուն ճարպէն աղեկ է: 23. Քանզի ապստամբութիւնը կախարդութեան մեղքին պէս ու կամակորութիւնը կռապաշտութեան պէս է. որովհետեւ դուն Տէրոջը խօսքը մերժեցիր, անիկա ալ քեզ մերժեց, որպէս զի թագաւոր չըլլաս՚:
Գաղ. 5:1 - Ամուր կեցէք այն ազատութիւնով, որով Քրիստոս մեզ ազատեց եւ նորէն ծառայութեան լուծի տակ մի մտէք:
Մատթ.8:26 - Ան ըսաւ անոնց. ՙԹերահաւատներ, ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք՚: Ելաւ հովերուն ու ծովուն սաստեց եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ:
Դան. 1:8 - Դանիէլ որոշեց որ թագաւորին ազնիւ կերակուրովն ու անոր խմած գինիովը չպղծուի, ուստի ներքինապետէն թոյլտուութիւն խնդրեց, որ ասոնցմով ինքզինք չպղծէ:
/Հովհ. 9:25բ/ - Կոյրը ըսաւ փարիսեցիներուն. ՙմիայն այս գիտեմ թէ կոյր էի եւ հիմա կը տեսնեմ՚:
Գործք 9:5, 6 – 5. Եւ անիկա ըսաւ. ՙՈ՞վ ես դուն, Տէր՚: Եւ Տէրը ըսաւ. ՚Ես եմ Հիսուսը, որ դուն կը հալածես, դժուար բան է քեզի խթանի դէմ կից զարնել՚: 6. Ան ալ դողալով ու ապշութեամբ ըսաւ. ՙՏէր, ի՞նչ կ’ուզես, որ ընեմ՚:
Ելից 16:7 Առաւօտուն պիտի տեսնեք Տէրոջը փառքը, վասն զի Տէրոջը դէմ ձեր ըրած տրտունջը ինք լսեց եւ մենք ո՞վ ենք, որ մեզի դէմ կը տրտնջէք՚։
Առակաց 3:9-10 - 9. Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով 10. եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի։
Գործք 3:6. Պետրոս ըսաւ. ՙԱրծաթ ու ոսկի չունիմ, հապա ինչ որ ունիմ՝ զայն քեզի կու տամ. Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունով՝ ելիր ու քալէ՛՚:
Հովհաննու 4:1-14 Այն ջուրը, որ ես անոր պիտի տամ, պիտի ըլլայ անոր ներսիդին ջուրի աղբիւր մը որ յաւիտենական կեանքի համար կը բղխի՚:
Դ. Թագ. 4:2 – Եղիսէ անոր ըսաւ. ՙՔեզի ի՞նչ ընեմ. ըսէ ինծի, տունը ի՞նչ ունիս՚: Ասիկա ըսաւ. ՙՔու աղախինդ տանը մէջ աման մը իւղէն զատ ուրիշ բան մը չունի:
Դ. Թագ. 4:2 – Եղիսէ անոր ըսաւ. ՙՔեզի ի՞նչ ընեմ. ըսէ ինծի, տունը ի՞նչ ունիս՚: Ասիկա ըսաւ. ՙՔու աղախինդ տանը մէջ աման մը իւղէն զատ ուրիշ բան մը չունի:
Սաղմոս 46:1-3 – 1. Աստուած մեր ապաւէնն ու զորութիւնն է. Նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու:
Հովհ. 14:6 - Յիսուս ըսաւ անոր. ՙԵս եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. Մէկը Հօրը քով չի գար` եթէ ոչ ինծմով՚:
Եբր. 6:1-2 – 1. Ուստի, Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքները ձգելով` կատարյալին գանք, առանց նորէն հիմ ձգելով մեռած գործերէն ապաշխարելու, առ Աստուած հաւատք ունենալու, 2. մկրտութիւններուն, վարդապետութեանը, ձեռք դնելուն, մեռելներուն յարութեանը, յաւտիենական դատաստանին:
Յեսու 24։15 – Ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք։
Հռոմ. 1:16 - Վասն զի ես ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է ան` բոլոր հաւատացյալներուն փրկութեան համար` առաջ Հրեային ու ետքը Յոյնին:
Բ. Օրինաց 32:4 – Աստուծոյ գործը կատարեալ է. Քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են: Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. Անիկա արդար եւ ուղիղ է՚:
Ղուկաս 18:16,17 – 16. Բայց Յիսուս զանոնք իրեն կանչելով` ըսաւ. ՙԹող տուէք այդ մանր տղոցը որ ինծի գան ու մի արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիններունն է: 17. Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բանւ պիտի չմտնէ անոր մէջ՚:
Առակաց 22:6 – Կրթէ մանուկը իր ճամբան ըսկսած ատենը, որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի:
Գործք 2:1 -13 - 1. Երբ Պենտեկոստէի տօնը հասաւ, ամէնքն ալ միաբան՝ մէկ տեղ էին: 2. Յանկարծակի երկինքէն ձայն մը եղաւ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս եւ բոլոր տունը լեցուց ուր` նստեր էին: 3. Եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ` ու ամէն մեկուն վրայ նստան: 4. Եւ ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար
Ա. Հովհ. 1:7 – Հապա եթէ լոյսի մէջ քալենք, ինչպէս անիկա լոյսի մէջ է, իրարու հետ հաղորդակից կ’ըլլանք ու անոր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին արիւնը մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ:
Ա. Տիմոթ. 3:16 – Յայտնապէս մէծ է աստուածապաշ-տութեան խորհուրդը. Աստուած մարմնով յայտնուեցաւ, Հոգիով արդարացաւ, հրեշտակներուն երեւցաւ, հեթանոսներուն մէջ քարոզուեցաւ, աշխարհէն ընդունուեցաւ ու փառքով համբարձաւ:
Մատթ. 7:26-27 Այն որ այս իմ խօսքերս կը լսէ ու չի կատարեր, կը նմանի անխելք մարդու մը` որ իր տունը ավազի վրայ շինեց: 27. Անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին, եւ զարկին այն տանը ու փլաւ: Մեծ էր անոր կործանումը:
Հռովմ 5:3-4 – 3. Ոչ միայն այսքան` հապա նաեւ նեղութիւններու մէջ կը պարծինք. վասն զի գիտենք թէ նեղութիւնը համբերութիւն կը գործէ 4. Եւ համբերութիւնը` փորձառութիւն ու փորձառութիւնը` յոյս:
Յեսուայ 1:9 – Ահա քեզի կը պատուիրեմ, զօրացի՜ր ու քաջասի՜րտ եղիր, մի՜ վախնար ու մի՜ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս:
Հռոմ. 10:17 - Ուրեմն Հավատքը լսելէն է ու լսելը` Աստծոյ խոսքէն:
Քրիստոս հարեաւ ի մեռելոց.
Օրհնյալ է հարությունը Քրիստոսի…
Զաքարեայ 9:9 - Մեծապէս ուրախացի՜ր, ո՜վ Սիօնի աղջիկ, ցնծութեամբ աղաղակէ՜, ո՜վ Երուսաղէմի աղջիկ. ԱՀա քու թագաւորդ քեզի կու գայ. Անիկա արդար է ու փրկիչ է, հեզ է ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ:
Մատթ. 11:16-19
Բ. Կորնթ. 5:17:21
Ա. Կորնթ. 2:1,2
Մատթ. 28:19-20- 19. Ուրեմն գացէ՜ք, բոլոր ազգերը աշակերտեցէ՜ք, մկրտեցէ՜ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. 20. Սորվեցուցէ՜ք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն` ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի:
ԱՌԱՔԻՆԻ ԿԻՆԸ - Առակ. 31:10 Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել:
Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է:
Ա. Թեսաղ. 2:4 - Հապա ինչպէս մենք Աստուծմէ ընտրուեցանք ու աւետարանը մեզի ինչպես վստահուեցաւ, այնպես կը խօսինք ոչ թե մարդոց հաճոյ ըլլալու համար, հապա Աստուծո, որ մեր սրտերը կը քննէ:
Ղուկաս 5:11 - Նաւերը ցամաք հանելով` ամէն բան թողուցին ու անոր ետեւէն գացին:
Հայտն. 22:17 - Եւ Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ՙԵկուր՚ ու անոր որ ծարաւ է թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ` կենաց ջուրը թող ձրի առնէ:
Ղուկաս 15-11:32 11. Մարդ մը երկու որդի ունէր: 12. Անոնցմէ պզտիկը հօրը ըսաւ. ՙՀա՜յր, քու ստացուածքէդ ինծի իյնալու բաժինը տուր ինծի՚:Ան ալ բաժնեց անոնց իր ունեցածը: 13. Շատ օրեր չանցած՝ պզտիկ որդին բոլոր բաները հաւաքեց, հեռու երկիր մը նաց և հոն անառակութեամբ ապրելով իր ունեցածը փճացուց: 14. Բոլոր ունեցածը հատցուցած էր, երբ երկրին մէջ սաստիկ սով մը եղաւ ու ինք չքաւոր դարձաւ:
Ուստի կ’ըսեմ ձեզի. ՙհոգ մի՜ ընէք ձեր կեանքին համար`թէ ի՜նչ պիտի ուտէք կամ ի՜նչ պիտի խմէք, ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար՝ թէ ի՜նչ պիտի հագնիք. չէ՞ որ կեանքը կերակուրէն աւելի է ու մարմինը՝ հագուստէն: Մատթ 6:25-34
Բայց ասիկա կ’իմացնեմ թէ` ան որ խնայելով կը սերմանէ` խնայելով պիտի հնձէ ու ան որ առատութիւնով կը սերմանէ` առատութիւնով պիտի հնձէ: Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յոժարի` թող այնպէս տայ. ոչ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած հոժարակամ տուողը կը սիրէ: Բ.Կորնթ 9:6-10
ՙԱյդ ի՞նչ է, որ դուք միաբանեցաք Տէրոջը Հոգին փորձելու. ահա քու այրդ թաղողներուն ոտքերը դրանը քով են, քեզ ալ դուրս պիտի հանեն: Եւ իսկոյն կինը անոր ոտքերուն քով ինկաւ ու հոգի տուաւ եւ երիտասարդները ներս մտնելով՝ զանիկա մեռած գտան ու հանեցին իր էրկանը քով թաղեցին: Եւ մեծ վախ մը ինկաւ բոլոր եկեղեցիին վրայ ու ամենուն վրայ, որոնք այս բաները լսեցին: Գ.Առաք 5:1-11
Երբ այդ տեղի մարդիկը ճանչցան զինք, մարդ ղրկեցին ամբողջ շրջակայքը, բերին անոր բոլոր ախտաւորները, ու կաղաչէին անոր որ միա՛յն դպչէին իր հանդերձին քղանցքին. եւ անոնք որ դպան՝ բժշկուեցան: Մատթ 14:35-36
Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տւաւ, որպէսզի ամէն ով որ անոր հաւատայ` չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ: Հովհ. 3:16
Ոչ թէ ես արդէն առեր եմ, կամ արդէն կատարեալ եղեր եմ, հապա ետեւէն ինկած եմ, որ բռնեմ մրցանակը, որուն համար ալ բռնւեցայ Քրիստոս Յիսուսէն: Եղբա՜յրներ, ես չէմ սեպեր թէ բռներ եմ: Բայց յիշեցնեմ թէ ետեւի եղածները մոռցած եմ ու առջեւի եղածներուն կը դիմեմ: Նպատակը դիտելով` դէպի Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին կը վազեմ: Փիլիպ. 3:12-14
Յիսուս կանգ առնելով` հրաման ըրաւ որ զանիկա իրեն բերեն ու երբ անիկա մօտեցաւ, հարցուց անոր ըսաւ. Ի՞նչ կուզես որ քեզի ընեմ՚: Անիկա ալ ըսաւ. ՙՏէր, կ’ուզեմ որ աչքերս բացուին՚: Յիսուս ըսաւ անոր ՙԹող բացուին. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց՚: Եւ իսկոյն անոր ետեւէն կ’երթար եւ փառք կու տար Աստուծոյ: Ղուկաս 18:40-43
ՙԱհաւասիկ ես դռան առաջ եմ եւ բախում եմ. եթե մեկը ականջ դնի իմ ձայնին եւ բաց անի դուռը, կմտնեմ նրա մոտ եւ կընթրեմ նրա հետ, եւ նա՝ ինձ հետ՚: Հայտնություն 3:20