Դասեր Հովնան մարգարեի պատմությունից
Հովնան 1:1-4:11
1. Երբ Աստված պատվիրում է, պետք է հետևենք պատվիրանին
Հովն. 1:1-3- 1. Տէրոջը խօսքը Ամաթիին որդիին Յովնանին եկաւ` ըսելով. 2. ՙԵլի՜ր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՜ ու քարոզէ, քանզի անոնց չարութիւնը իմ առջեւս ելաւ՚: 3. Բայց Յովնան ելաւ, որ Տէրոջը երեսէն Թարսիս փախչի: Յոպպէ իջաւ ու նաւ մը գտաւ, որ Թարսիս կ’երթար: Անոր վարձքը տուաւ ու անոր մէջ մտաւ, որպէս զի անոնց հետ Թարսիս երթայ` Տէրոջը երեսէն հեռու:
2. Երբ Աստված խրատում է, պետք է լսենք
Հովն. 1: 4-17 – 4. Տէրը ծովուն մէջ մեծ հով մը հանեց ու ծովուն մէջ մեծ փոթրիկ մը եղաւ, այնպէս, որ նավը խորտակուելու վտանգին մէջ էր: 5. Նաւաստիները վախցան եւ ամէն մէկը իր աստուծոյն կ’աղաղակէր ու նավուն մէջի կարասիները ծովը նետեցին, որպէս զի զանիկա թեթեւցնեն. բայց Յովնան նաւուն խորշը իջնելով պառկեր էր ու խորունկ կը քնանար: 6. Նաւապետը անոր մոտեցաւ ու անոր ըսաւ. ՙՔեզի ի՞նչ եղաւ, ո՜վ խորունկ քնացող. ելի՜ր քու Աստուծոյդ աղաղակէ, թերեւս Աստուած մեզ յիշէ ու չկորսուինք՚: 7. Իրարու ըսին. ՙԵկէ՜ք, վիճա՜կ ձգենք, որպէս զի գիտնանք թէ այս չարիքը որո՞ւն պատճառով մեր վրայ եկաւ՚: Երբ վիճակ ձգեցին, վիճակը Յովնանին ելաւ. 8. Անոնք ըսին անոր. ՙՀիմա պատմէ՜ մեզի՜, թէ այս չարիքը որուն պատճառով մեր վրայ եկաւ: Քու գործդ ի՞նչ է: Ուրկէ՞ կու գաս: Քու երկիրդ ո՞րն է ու դուն ո՞ր ժողովուրդէն ես՚: 9. Անիկա ըսաւ անոնց. ՙԵս եբրայեցի եմ եւ ծովն ու ցամաքը ստեղծող երկնքի Աստուածը` Եհովան կը պաշտեմ՚: 10. Այն մարդիկը խիստ շատ վախցան ու անոր ըսին. ՙԱյդ բանը ինչո՞ւ ըրիր՚: Քանզի այն մարդիկը գիտցան թէ Տէրոջը երեսէն կը փախչէր, վասն զի անոնց պատմեր էր: 11. Ուստի անոր ըսին. ՙՔեզի ի՞նչ ընենք, որ ծովը դադարի՚: Քանզի ծովը երթալով աւելի կը սաստկանար: 12. Անիկա ըսաւ անոնց. ՙԶիս վերցուցէ՜ք ու ծովը նետեցէ՜ք ու ծովը պիտի դադարի, քանզի ես գիտեմ, թէ այս մեծ փոթորիկը իմ պատճառովս եղաւ՚: 13. Այն մարդիկը թի քաշելով կը ջանային նաւը ցամաք դարձնել, բայց չէին կրնար, քանզի ծովը երթալով աւելի կը սաստկանար: 14. .Ուստի Եհովային աղաղակեցին ու ըսին. ՙՈ՜հ, Եհովա՜, կ’աղաչենք, այս մարդուն հոգիին համար մեզ մի՜ կորսնցներ ու մեր վրայ անմեղ արիւն մի՜ դներ, քանզի դուն, ով Եհովա, ուզածիդ պէս ըրիր՚: 15. Եւ Յովնանը վերցուցին ու ծովը նետեցին եւ ծովը իր կատաղութենէն դադարեցաւ: 16. Այն մարդիկը Եհովայէն սաստիկ վախցան ու Եհովային զոհ մատուցանեցին եւ ուխտեր ըրին: 17. Եվ Տէրը մեծ ձուկի մը հրամայեց, որ Յովնանը կըլլէ: Յովնան երեք օր ու երեք գիշեր ձուկին փորը մնաց:
Հովնանու 2:7 – Երբ հոգիս իմ մէջս մարեցաւ, Տէ՜ր քեզի յիշեցի ու իմ աղօթքս քեզի` քու սուրբ տաճարդ` հասաւ:
Հովն. 3:4 – Յովնան քաղաքը մտաւ ու մէկ օրուան ճամբայ պտըտելով` կը քարոզէր ու կ’ըսէր. ՙԴեռ քառասուն օր կայ եւ Նինուէն պիտի կործանի՚:
3. Երբ Աստված մեղադրում է, պետք է ապաշխարենք
Հովն. 3:10 – Աստուած անոնց գործերը տեսաւ, որ իրենց չար ճամբաներէն դարձան, ուստի Աստուած գթած ու այն չարիքը, որ անոնց վրայ պիտի բերէր, չբերաւ:
Հովն. 4:5-11 – 5. Յովնան քաղաքէն դուրս ելաւ ու քաղաքին արեւելյան կողմը նստաւ եւ հոն իրեն տաղաւար մը շինեց ու անոր հովանիին տակ նստաւ, մինչեւ որ տեսնէ թէ քաղաքին ի՞նչ պիտի պատահի: 6. Տէր Աստուած դդմենիի մը հրամայեց, որ Յովնանին վրայ ելլէ եւ անոր գլխուն վրայ հովանի ըլլայ, որպէզ զի անիկա իր տառապանքէն ազատէ: Եւ Յովնան դդմենիին համար չափազանց ուրախացաւ: 7. Հետեւյալ օրը, առտուն, Աստուած հրամայեց որդի մը որ դդմենիին զարնէ ու անիկա չորցաւ: 8. Երբ արեւը կը ծագէր, Աստուած խորշաբեր արեւելեան հովի մը հրամայեց ու արեւը Յովնանի գլխուն զարկաւ, այնպէս որ անիկա մարեցաւ ու իրեն մահը ուզելով ըսաւ. ՙՄեռնիլս ապրելէս աղէկ է՚: 9. Եւ Աստուած Յովնանին ըսաւ. ՙՄիթէ դդմենիին համար նեղանալովդ աղէ՞կ կ’ընէս՚: Անիկա ըսաւ. ՙՄեռնելուս չափ նեղանալովս աղէկ կ’ընէմ: 10. Այն ատեն Տէրը ըսաւ. Դուն դդմենիին խղճացիր, որուն համար աշխատութիւին չքաշեցիր ու զանիկա չմեծցուցիր, որ մէկ գիշերուան մէջ բուսաւ ու մէկ գիշերուան մէջ կորսուեցաւ: 11. Ես պիտի չղխճա՞մ Նինուէին, այն մեծ քաղաքին, որուն մէջ հարիւր քսան հազարէն աւելի մարդիկ կան, որոնք աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը չեն գիտեր ու նաեւ շատ անասուններ:
4. Երբ Աստված մտահոգ է ինչ-որ բանի համար, մենք էլ պետք է մտահոգ լինենք
Հովն. 4:10-11 – 10. Այն ատեն Տէրը ըսաւ. ՙԴուն դդմենիին խղճացիր, որուն համար աշխատութիւին չքաշեցիր ու զանիկա չմեծցուցիր, որ մէկ գիշերուան մէջ բուսաւ ու մէկ գիշերուան մէջ կորսուեցաւ: 11. Ես պիտի չղխճա՞մ Նինուէին, այն մեծ քաղաքին, որուն մէջ հարիւր քսան հազարէն աւելի մարդիկ կան, որոնք աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը չեն գիտեր ու նաեւ շատ անասուններ: