
Մատթ. 11:16-19 – 16. Բայց որո՞ւ նմանցնեմ այս ազգը: Կը նմանի տղոց, որոնք շուկաները նստելով` իրենց ընկերներուն կը կանչեն, 17. Ու կ’ըսեն. ‘Փող հնչեցուցինք ձեզի ու չխաղացիք, ողբ կարդացինք ձեզի ու կոծ չըրիք’: 18. Վասն զի Յովհաննէս եկաւ ոչ կուտէր եւ ոչ կխմէր, ու կ’ըսէին. ‘Դեւ կայ անոր ներսիդին’:
Բ. Կորնթ. 5:17:21– 17. Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսին մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է: Հիները անցան եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ: 18. Սակայն ամէն բան Աստուծմէն է, որ մեզ իրեն հետ հաշտեցուց Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով ու տուաւ մեզի հաշտութեան պաշտօնը: 19. Այսինքն Աստուած էր, որ Քրիստոսով աշխարհս իրեն հետ հաշտեցուց եւ անոնց յանցանքները իրենց ներեց ու մեզի վստահեցաւ հաշտութեան պատգամը: 20. Ուրեմն Քրիստոսին կողմանէ դեսպանութիւն կ’ընենք, որպէս թէ Աստուած ինք մեր միջոցով կոչ կ’ուղղէ. մենք կ’աղաչենք ձեզի Քրիստոսին կողմէ, հաշտւեցէք Աստուծոյ հետ: 21. Վասն զի Աստուած զանիկա որ մեղք չէր գիտեր, մեզի համար մեղաւոր սեպեց, որպէս զի մենք անոր միջոցով Աստուծոյ արդարներն ըլլանք:
Ա. Կորնթ. 2:1, 2 – 1. Եղբայրներ, ձեզի խօսքի կամ իմաստութեան գերազանցութիւնով մը Աստուծոյ վկայութիւնը յայտնելու չեկայ: 2. Վասն զի միտքս չդրի ձեր մէջ ուրիշ բան մը գիտնալ, բայց միայն Յիսուս Քրիստոսը ու այն խաչը ելած: