Ղուկաս 2-25:38 - 25. Այն ատեն Երուսաղէմի մէջ մարդ մը կար, որուն անունը Սիմէօն էր. անիկա արդար ուաստուածավախ էր: Իսրայէլի մխիթարութեանը կը սպասէր ու Սուրբ Հոգին անոր վրայ էր: 26. Անոր յայտնուած էր Սուրբ Հոգիէն թէ մահ պիտի չտեսնէ, մինչեւ Տէրոջը Օծեալը տեսնէ: 27. Ան ալ Հոգիով տաճարը եկաւ: Ու երբ ծնողքը օրէնքին սովորութեանը պէս անոր համար ընեն, 28. Ինքն ալ զանիկա իր գիրկը առաւ եւ օրհնեց Աստուած ու ըսաւ. 29. ՙԱլ հիմա, ո’վ Տէր, արձակէ քու ծառադ խաղաղութիւնով քու խօսքիդ համեմատ. 30. Վասն զի իմ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ 31. Որ բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ պատրաստեցիր, 32. Լոյս մը հեթանոսները լուսաւորելու եւ փառք քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ՚:33. Յովսէփ ու անոր մայրը զարմացած էին այնբաներուն վրայ` որոնք անոր համար կը խօսուէին: 34. Սիմէօն օրհնեց զանոնք եւ անոր մօրը Մարիամին ըսաւ. ՙԱհա այս մանուկը Իսրայէլի մէջ շատ մարդոց իյնալու ու ելլելուն համար ու հակառակութեան նշան մը ըլլալու համար կեցած է. 35. (Եւ քու սրտէդ ալ թուր մը պիտի անցնի.) որպէս զի այսպէս շատ սրտերէ խորհուրդներ յայտնուին՚: 36. Հոն էր Աննա մարգարէն, Փանուէլին աղջիկը, Ասերի ցեղէն. ասիկա իր օրերը անցուցած էր, էրկանը հետ եօթը տարի կենալով իր կուսութեան ժամանակէն: 37. Եւ որբեւարի էր գրեթէ ութսունչորս տարեկան ու տաճարէն չէր զատուեր, հապա ծոմով եւ աղօթքով Աստուծոյ ծառայութիւն կ’ընէր գիշեր ու ցորեկ: 38. Ասիկա նոյն ժամուն եկաւ ու Տէրոջը գոհութիւն տուաւ ու անոր վրայով խօսեցաւ այն ամենուն` որոնք Երուսաղէմի մէջ փրկութեան կը սպասէին:
I. Ինչպես էին Տիրոջը սպասում Սիմէօն ծերունին և Աննան
II. Հովհաննեսի վկայությունը
Հովհ. 1:29 - Հետեւեալ օրը Յովհաննէս տեսաւ Յիսուսը, որ իրեն կու գար եւ ըսաւ. ՙԱհա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ...՚:
III. Հովհաննես Մկրտիչը բանտում
Սաղմ. 40:1 - Սպասելով սպասեցի Տէրոջը, որ ծռեցաւ ինծի ու լսեց իմ աղաղակս:
Ամբակում 2:3 - Քանզի տեսլիքը որոշուած ժամանակի համար է, բայց դէպի վախճանը կարտորայ եւ սուտ պիտի չելլէ:
Ղուկաս 7:19 - Յովհաննէս ալ իր աշակերտներէն երկուքը իրեն կանչեց եւ զանոնք Յիուսին ղրկեց` ըսելով. ՙԴուն ա՞ն ես որ գալու էր, թէ ուրիշի մը ըսպասենք՚:
Տիտոս 2:11 - Քանզի Աստուծոյ փրկարար շնորհքը բոլոր մարդոց երեւցաւ:
IV. Հոգին և հարսը
Հայտն. 22:17 - Եւ Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ՙԵկուր՚ ու անոր որ ծարաւ է թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ` կենաց ջուրը թող ձրի առնէ: